ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

 

Երկուշաբթի, 30 Ապրիլ 2018-ին, միջեկեղեցական երիտասարդական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպումին կը մասնակցէին զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատասխանատուները։

Հանդիպումին նպատակն էր կազմակերպել 2019 թուականին տեղի ունենալիք երկու երիտասարդական համագումարները թէ՛ համաշխարհային մակարդակի վրայ եւ թէ Միջին Արեւելքի ծիրէն ներս։ Յայտնենք, որ այս մասին պատասխանատուները նախապէս հանդիպում ունեցած էին Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ լսած իր թելադրութիւնները։

Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին ատենապետութիւնը վարեց Կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։ Հանդիպումէ առաջ ներկաները այցելեցին Նահատակաց մատուռ, ծաղկեպսակ զետեղեցին ու աղօթեցին եւ ապա հայր սուրբը լայն բացատրութիւններ տուաւ անոնց հայոց ցեղասպանութեան մասին։

 


Communication & Information Department