ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ 300-ԱՄԵԱԿԻՆ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ 300-ԱՄԵԱԿԻՆ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր տնօրինումով, 3 Մայիս 2018-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան մեկնեցաւ Վենետիկի Սուրբ Ղազարու Վանք, իբրեւ ներկայացուցիչը Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Սրբազանը Ս. Ղազար Մայրավանքին մէջ մասնակցեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան սոյն կղզիին վրայ հաստատման 300-ամեակին նուիրուած «Մխիթար եւ Մխիթարեաններ, քրիստոնէութեան լուսաւորութեան դպրանոց մը» խորագրով գիտաժողովին, կազմակերպութեամբ Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ՝ Հայր Լեւոն Արք. Զէքիեանի: Բացման հանդիսութեան ներկայ էր Վենետիկի պատրիարք՝ Տ. Ֆրանչեսկօ Մօրալիա, ինչպէս նաեւ գերարգոյն Օրթալի, գիտութիւններու, գրակասնութեան եւ արուեստներու Վենետեան կաճառի նախագահը:

Պատմական, աստուածաբանական, դաւանաբանական, ձեռագրագիտական, ճարտարապետական, եկեղեցական երաժշտութեան եւ այլ բնագաւառներ շօշափող, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան մշակութանուէր անգնահատելի ծառայութիւնը արժեւորող միջազգային գիտաժողով մըն էր 4-6 Մայիս 2018 թուականին Ս. Ղազարի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, որ ընթացաւ բազմալեզու:

Յայտնենք, որ Սրբազանը վերոյիշեալ գիտաժողովին ներկայացուց «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Մխիթարեանները» խորագրով նիւթը, վեր առնելով երկար տասնամեակներու վրայ տարածուած բանասիրական եւ եղբայրական կապերը, որոնք գոյութիւն ունեցած են երկու Միաբանութիւններուն միջեւ: Սրբազանը իր խօսքը սկսաւ ներկայացնելով Ծործորի վանքին մէջ 14-րդ դարուն ծաւալած լատինամէտ առաքելութիւնը, ցոյց տալով, որ Յովհաննէս Ծործորեցիի գլխաւորութեամբ այնտեղ կատարուած թարգմանչական աշխատանքը, թէեւ օտար աստուածաբանութեան փոխադրումը կատարեց, սակայն միաժամանակ օտար գրականութեան հայացումով, մեր մատենագրական գանձարանը ճոխացուց:

Ապա, անցնելով երկու Միաբանութիւններու փոխյարաբերութեան, ան յիշատակեց բոլոր այն առիթները, երբ Կիլիկիոյ Հայրապետները այցելած են Ս. Ղազար, հայրական ու հովուապետական իրենց քաջալերանքը բերելով մշակութանուէր հայրերուն: Այստեղ ան յատկապէս շեշտեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը եւ այդ առիթով հայածէս Ս. Պատարագի մատուցումը Ս. Ղազարի մայր խորանին վրայ, Օշական Արք. Չօլոյեանի ձեռամբ: Ընդարձակ զեկուցումով, Սրբազանը անդրադարձաւ Կիլիկեան երանաշնորհ հայրապետներէն Բաբգէն Ա. Կթղ. Կիւլէսէրեանի եւ Գարեգին Ա. Կթղ. Յովսէփեանի բանասիրական գործակցութեան Մխիթարեան հայրերուն հետ, միաժամանակ բացատրելով անոնց ունեցած ճիշդ հասկացողութիւնը դաւանական եւ բանասիրական սահմանագծումներուն: Վերջապէս, գործակցութեան նոր հորիզոններու մատնանշումով, ան ներկայացուց երկու Միաբանութիւններու համար հաւանական հեռանկարներ, ի շահ հայ բանասիրութեան եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի ծաղկումին:

Գիտաժողովի մասնակիցները, Կիրակի, 6 Մայիս 2018-ին, ներկայ գտնուեցան վանքի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Լեւոն Արք. Զէքիեան:

Գիտաժողովը, իւրաքանչիւր նիստի աւարտին քննարկումներու առիթ բացաւ, իսկ վերջին նիստի աւարտին կլոր սեղանով համադրեց երեք օրերու ընթացքին տեղի ունեցած իմացական վերլուծումները՝ Մխիթարեան աւանդի պահպանման ի խնդիր:

Նշենք, որ Շաբաթ, 5 Մայիսի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, վանքի ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ Միաբանական հանդիպում՝ Ս. Էջմիածնի, Անթիլիասի եւ հիւրընկալ Միաբանութեան՝ Մխիթարեան հայրերու միջեւ, նախագահութեամբ Լեւոն Արք. Զէքիեանի, միասնական ջանքերով հնարաւորինս վերաշխուժացնելու համար Ս. Ղազարը՝ իր մշակութանուէր առաքելութեամբ:


 


Communication & Information Department