Հրապարակելու խնդրանքով
ԿՈՉ
Հայ Եկեղեցուոյ Մէջ Ծագած Տագնապներ Փողոցին
Մէջ Չէ,
որ Կը Լուծուին Այլ Կրօնական
Հաստատութեան Երդիկին Տակ
Սիրելի Հայորդիներ
ի Հայաստան, ի Արցախ եւ ի Սփիւռս Աշխարհի,
Բոլորիս ալ յայտնի
են, Հայ ժողովուրդի պատմութեան թէ՛ խաղաղ եւ թէ՛ աւելի յաճախ արիւնով շաղախուած՝ պատերազմներով
ու տառապանքով լեցուն տխուր էջերը: Քանի անգամներ աւերուած եւ կրկին մոխիրներու
տակէն Փիւնիկի նման վերակենդանացած են մեր շէն քաղաքներն ու եկեղեցիները, ասոնց շարքին
նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցուոյ Մայր Աթոռը:
Ծանր եղած է մեր ժողովուրդին
ընթացքը մարդկային պատմութեան մէջ, սակայն
երբեք լքուած չենք Աստուծոյ եւ Իր հիմնադրած Եկեղեցիին կողմէ: Հայ Եկեղեցին եւ յատկապէս
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը միշտ իր հոգատար կամարներուն տակ հաւաքած է հոգածութեան
կարօտ իր հօտը: Հայ հոգեւորականը միշտ առաջնորդած է իր հօտը թէ՛ գոյամարտերու պահուն
եւ թէ՛ կեանքի առօրեային մէջ: Հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը, լեզուն ու մշակոյթը
պահպանուած է Հայ եկեղեցուոյ եւ անոր նուիրեալներուն շնորհիւ: Մինչեւ այսօր Եկեղեցին կը հանդիսանայ այն սրբազան հաւաքատեղին,
որ կը միաւորէ եւ հայ կը պահէ աշխարհասփիւռ
իր զաւակները:
Մայր աթոռին
գահակալները Հայ եկեղեցին կը մարմնաւորեն ու կը միանան անոր հետ: Հետեւաբար
հակառակ իրենց մարդկային սխալական էութեան կարելի չէ արատաւորել կամ ոտնակոխել անոնց
հանգամանքն ու դիրքը:
Արդ, այսօր, Մայր Աթոռի գահակալին դէմ շղթայազերծուած
պայքարը, ոչ միայն կ՛արատաւորէ անոր անձը, այլ նաեւ Հայ եկեղեցին ու բաժանումներ
կը ստեղծէ հաւատացեալներուն շարքերուն մէջ:
Ռամկավար Ազատական
Կուսակցութիւնը իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին հաւատալով Մայր Աթոռին դերին, անվերապահ
դրօշակակակիրը եղած է անոր ու նուիրեալ ջահակիրը
անոր առաքելութեան Սուրբ ճամբուն:
ՌԱԿ-ի համար
անհանդուրժելի է այսօր փողոցին մէջ սկիզբ առած Մայր Աթոռին հեղինակութեան վնաս
հասցնող շարժումը, որ Հայ ժողովուրդին արժէքային համակարգին համար օտար է:
ՌԱԿ կը հաւատայ,
որ Հայ Եկեղեցուոյ Հայրապետին ընտրութիւնն ու անոր ճակատագրին տնօրինումը կը
վերաբերի միայն ու միայն կրօնական հաստատութեան ու անոր հովանիին տակ գործող
մարմիններուն իրեն յատուկ ծէսով ու ընթացակարգով:
Հետեւաբար, Հայ
եկեղեցուոյ մէջ ծագած տագնապներ, մենք կը հաւատանք, որ փողոցին մէջ չէ, որ կը
լուծուին այլ կրօնական հաստատութեան երդիկին տակ: Նման տագնապներ փողոց փոխադրելու
դժբախտ փորձը ունի Հայ Ժողովուրդը իր հեռաւոր, թէ մօտակայ անցեալի պատմութեան մէջ, որոնց յիշատակումն անգամ
կ՛ընդուըզեցնէ ու կը մտահոգէ իւրաքանչիւր Հայորդի:
Ներկայ տագնապին
շրջանցումը ու անոր բարուոք լուծումը կը կարօտի հաւաքական ճիգի ու փոխադարձ
հանդուրժողականութեան ու պատասխանատուութեան գիտակցութեան, որպէսզի անխախտ պահուի
Մայր Աթոռի եւ Լուսաւորչակերտ Հայ եկեղեցուոյ հիմքերը:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ