Անթիլիաս – Հոգեւոր լսարան

Armenian Catholicosate of Cilicia
Communication and Information Department
PO Box : 70 317 Antelias – LEBANON
Tel: (+961-4) 410 001 / 3
Fax: (+961-4) 419724
E-mail: [email protected]

«ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ
ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
ՊԷՏՔ Է ՏԵՂ ՏԱՆՔ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Երեքշաբթի, 19 Յունիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի
Մայրավանքի Վեհարանի Դահլիճին մէջ ընդունեց Կանանց Հոգեւոր Լսարանի մասնակիցները, որոնք
ամէն Երեքշաբթի, Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին նախաձեռնած
կրօնաբարոյական ու Աստուածաշունչի սերտողութեան լսարաններուն կը հետեւին։

 

Աւանդութիւն դարձած այս հանդիպումը ընթացք առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով, որմէ ետք
լսարանի մասնակիցները միաբերան ընթերցեցին սաղմոս մը եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն բժշկութեան
աղօթք մը։

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան,
որ հակիրճ կերպով ներկայացուց լսարանի աշխատանքները՝ նշելով, որ հակառակ իւրաքանչիւր
մասնակիցի բազմաթիւ դժուարութիւններուն եւ դիմագրաւած կեանքի մարտահրաւէրներուն, անոնք
ամէն Երեքշաբթի կանոնաւոր կերպով հաւաքուեցան Մայրավանք եւ աղօթեցին, որպէսզի աւելի
մօտենան Աստուծոյ։ Սրբազանը, այս առիթով, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր միաբաններուն,
որոնք իրենց հեւքին մէջ ժամանակ տրամադրեցին այս ծրագիրին իրագործման։

 

Նախքան խօսքը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցելը, սրբազանը Նորին Սրբութեան աբեղայական
ձեռնադրութեան յիսնամեակը շնորհաւորեց եւ լսարանի տիկիններէն մին, յանուն ամբողջ լսարանին,
ծաղկեպսակ մը նուիրեց Հայրապետին։

 

Ապա, խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը՝ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ լսարանի աշխատանքներն
ու Աստուածաշունչի սերտողութիւնները տեղի կ՚ունենան եւ գնահատեց Մեղրիկ Սրբազանն ու
միաբաններուն հետեւողական աշխատանքը։ «Քրիստոնէական դաստիարակութեան առնչուած որեւէ
աշխատանք մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկն է։ Այս ծրագիրին նպատակն
է Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ աւելի անմիջական ու կենդանի դաձնել» ըսաւ
Հայրապետը։ Ապա, ան լուսարձակի տակ առաւ աղօթքին կարեւորութիւնը ու դիտել տուաւ, որ
աղօթքը միայն մեր նեղութեանց ժամանակ Աստուծոյ դիմել չէ, այլ լսել է Անոր թելադրութիւնները
ու Անոր հետ երկխօսութեան մէջ մտնել է։ Աղօթքը առիթ է ինքնասրբագրումի եւ զԱստուած
կեդրոնական ներկայութիւն դարձնելու մեր կեանքին մէջ, որպէսզի Անկէ ստանանք մեր կեանքին
ուղղութիւնը։

 

Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երեք հիմնական կէտերու՝ ճանչնալ զԱստուած,
մասնակցիլ եկեղեցւոյ կեանքին ու ապրիլ Աստուծմով։ Այս երեքը անհրաժեշտ են մարդ անհատին
քրիստոնէական ամբողջական կեանք մը վարելու, որովհետեւ մենք զԱստուած կը ճանչնանք ո՛չ
միայն երբ մօտ ենք Անոր մեր աղօթքներով, այլ նաեւ մեր գործերով. քրիստոնէութիւնը կեանքի
որակ է ու այդպէս կրնանք ամբողջովին նուիրուիլ Աստուծոյ։ «Մեր հաւաքական ու անհատական
կեանքին մէջ
պէտք է տեղ
տանք մեր
հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն, եւ այսպիսով մենք կը դառնանք եկեղեցի, որովհետեւ եկեղեցին քարեղէն կառոյցը չէ,
շէնքը չէ, այլ մենք՝ բոլորս ենք, եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։

 

Հանդիպումին վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ կարճ զրոյց մը, որուն ընթացքին ներկաները
իրենց հարցումները ուղղեցին Հայրապետին։ Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ աջահամբոյրով
եւ յիշատակի խմբանկարով։


Communication & Information Department