X
    Categories: 2018

Անթիլիաս – ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Armenian Catholicosate of Cilicia
Communication and Information Department
PO Box : 70 317 Antelias – LEBANON
Tel: (+961-4) 410 001 / 3
Fax: (+961-4) 419724
E-mail: info@armenianorthodoxchurch.org


ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, ինչպէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախ կը շեշտէ, ինքզինք կ՚իրագործէ գերազանցօրէն որպէս ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։ Այս գիտակցութենէն մղուած Դպրեվանքը կը գործէ եւ միաբան հայրեր հաւատարիմ իրենց կոչումին կը ծառայեն Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս ու թեմերուն մէջ։

Վերջին շրջանին միաբանութեան ծառայական դաշտէն ներս հետեւեալ նշանակումները կատարուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ.-

Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։ Վանգուվըրի աստուածաբանական համալսարանին մէջուսումը աւարտելով՝ ստացաւ մագիստրոսի (MATS) վկայական եւ վերադարձաւ Մայրավանք։ Նորին Սրբութիւնը զինք նշանակեց Կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ։ Հայր Սուրբը միաժամանակ պիտի դասաւանդէ Դպրեվանքէն ներս։

Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան։ Գանատայի հայոց թեմէն ներս իր հովուական ծառայութեան աւարտին, հայր սուրբը վերադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանք։ Ընդառաջելով Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի խնդրանքին, Վեհափառ Հայրապետը հայր սուրբին նշանակեց հիւսիսային Յունաստանի հոգեւոր հովիւ։

Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։ Իր համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք հայր սուրբը վերադարձաւ Մայրավանք։ Ան նախ Զուիցերիոյ էքիւմէնիք
(ecumenic)
հաստատութեան մէջ հետեւեցաւ միջեկեղեցական ու աստուածաբանական դասընթացքներու եւ ապա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Holy
Cross
Դպրեվանքին մէջ՝ ստանալով մագիստրոսի աստիճան։ Նորին Սրբութիւնը հայր սուրբը նշանակեց Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ, միաժամանակ պիտի դասաւանդէ Դպրեվանքէն ներս եւ իր մասնակցութիւնը բերէ միջեկեղեցական ժողովներուն։

Հոգշ. Տ. Պսակ Աբղ. Թէփիրճեան։ Ծառայելէ ետք որպէս պատասխանատու հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին, Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով հայր սուրբը մեկնեցաւ Հռոմ՝ աստուածաբանական ուսումը շարունակելու համար։

 


Communication & Information Department
Kevo Kalantarian: