X
    Categories: 2018

Անթիլիաս – ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԲՈՂՋԱՑՈՒՑ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՊԱՀԱՆՋՔԻ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ՝ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ ԴԻՄԵԼՈՒ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԲՈՂՋԱՑՈՒՑ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՊԱՀԱՆՋՔԻ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ՝ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ
ԴԻՄԵԼՈՒ

 

Երէկ, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքի
իրաւական յանձնախումբին աշխատանքային հանդիպումը։ Յիշեալ դատին թղթածրարը գրեթէ իր
վերջնական ձեւը ստացաւ եւ մանր յստակեցումներէ ու յաւելումներէ ետք, առաւելագոյնը Հոկտեմբեր
2018-ին, պիտի ներկայացուի թրքական դատարան։

 

Կ՚ուզենք յիշեցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն,
որ նոյն դատին թղթածրարը շուրջ երեք տարիներ առաջ ներկայացուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական
դատարանին, զոր մերժած էր անոր քննութիւնը՝ ընդառաջելով Արդարութեան Նախարարութեան
թելադրանքին։ Ապա, նոյն թղթածրարը, շուրջ տարի մը յետոյ, ներկայացուած էր Եւրոպայի
Մարդկային Իրաւանց դատարան։ Այս վերջինը եւս մերժած էր ընդունիլ դատը ու թելադրած՝
դիմել թրքական դատարան։

 

Իրաւական յանձնախումբին հայեցողութեամբ դատին
քննութիւնը մերժող յիշեալ մօտեցումները ըստ էութեան առաւելաբար քաղաքական բնոյթ ունին։
Ամէն պարագայի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը որոշած է շարունակել իրաւական
այս գործընթացքը մինչեւ արդարութեան յաղթանակը եւ Սիսի Կաթողիկոսարանին վերադարձը իր
իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին։

 

կապ


Communication & Information Department
Karapet Navasardian: