Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբի
Լիագումար Երրորդ Ժողովի
Շաբաթ, 15 Սեպտեմբեր 2018-ին, Օնթարիո
նահանգի Քինկսթըն քաղաքին մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային
Յանձնախումբի 2017-19 երկամեակի երրորդ լիագումար ժողովը:
Ժողովի օրակարգը
մանրամասնօրէն քննեց եւ արժեւորեց յանձնախումբի նախորդ միամեայ գործունէութիւնը եւ
մշակեց յառաջիկայ տարեշրջանի օրակարգն ու ծրագիրները: Հայ Դատի քաղաքական եւ
քարոզչական բազմաթիւ առաջնահերթութեանց վերաբերեալ, ժողովը վարեց որակական
քննարկումներ, նշելով ցարդ իրականացուած ձեռքբերումները, առկայ մարտահրաւէրներն ու
դժուարութիւնները եւ անոնցմէ իրաքանչիւրը յաղթահարելու ուղղութեամբ տարուելիք
յատուկ աշխատանքը:
Ժողովը յատուկ
անդրադարձ կատարեց Գանատա-Հայաստան փոխյարաբերութիւններու զարգացման, Արցախեան
հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման, Ջաւախքի օժանդակութեան, Ցեղասպանութեան ուսուցման,
յիշատակման եւ այլ ծրագիրներու շուրջ իրականացուելիք յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Գանատա-Հայաստան
փոխյարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ, ժողովը յատուկ կերպով անդրադարձաւ
Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Երեւանի մէջ կայանալիք ֆրանսախօս երկիրներու
համաժողովին եւ Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի սպասուած այցելութեան: Այս
ուղղութեամբ, յանձնախումբը քննեց նախորդ ամիսներու ընթացքին իր ունեցած
բարձրաստիճան խորհրդակցութեանց արդիւնքներն ու հեռանկարները, նշելով որ վարչապետի
սոյն այցելութիւնը կը հանդիսանայ իւրայատուկ առիթ՝ Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ
երկկողմանի յարաբերութիւնները նոր մակարդակներ փոխադրելու եւ զանոնք առաւել
արդիւնաւորելու, ոչ միայն համաժողովի շրջանակներէն ներս, այլ նաեւ անկէ դուրս: Այս
իմաստով, յանձնախումբը որոշեց, իբրեւ սոյն գործի ամենէն ազդու մղիչ ուժը, պիտի
շարունակէ իր համատարած խորհրդակցութիւնները, ապահովելու համար նորանոր
յաջողութիւններ՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ բնագաւարներէ ներս:
Արցախեան
հիմնահարցի վերաբերեալ, ժողովը վերստին հաստատեց յանձնախումբին վճռականութիւնը՝
զայն դարձնելու օրակարգի կիզակէտ, չխնայելով ոչ մէկ ջանք, որ Գանատայի մէջ
Արցախեան հիմնահարցը ունենայ այնպիսի դրական անդրադարձ, որ ի վերջոյ զայն յանգեցնէ
Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման: Այս ուղղութեամբ, ժողովը գնահատեց
նախորդ ամիսներու ընթացքին տեղի ունեցած զգալի յառաջխաղացքն ու աննախադէպ
յայտարարութիւնները:
Ցեղասպանութեան
յիշատակման, դատապարտման, ուսուցման եւ կանխարգիլման ուղղութեամբ, ժողովը գնահատեց
յանձնախումբի աշխատանքները եւ որոշեց յաւելեալ զարկ տալ այս ուղղութեամբ օտար
համայնքներու հետ համագործակցութեան յաջող ջանքներուն:
Քարոզչական գետնի
վրայ, յանձնախումբը արժեւորելէ ետք իր քարոզչական գործունէութիւնն ու
կարելիութիւնները, մշակեց ժամանակակից նոր ծրագիրներ՝ Հայ Դատի քարոզչութիւնը հայ
եւ օտար համայնքներու աւելի լայն շերտերուն հասանելի դարձնելու մտադրութեամբ:
Յանձնախումբը նաեւ որոշում կայացուց սերտողութիւններ կատարել մայրաքաղաք Օթթաուայի
մէջ Հայ Դատի վարժողական ծրագրի մը յառաջացման ուղղութեամբ, որ կը մտադրէ
երիտասարդ նոր ուժեր պատրաստել Հայ Դատի գործունէութեան համար:
Ժողովի աւարտին,
յանձնախումբը վերստին հաստատեց իր վճռակամութիւնը ամէն ջանք ի գործ դնելու, յանուն
Հայ Դատի բոլոր առաջնահերթութեանց իրականացման եւ գանատահայութեան բարօր
զարգացման:
ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբ
Օթթաուա
ANCC Logo.png
PNG image