Անթիլիաս – ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆԸ

Armenian Catholicosate of Cilicia
Communication and Information Department
PO Box : 70 317 Antelias – LEBANON
Tel: (+961-4) 410 001 / 3
Fax: (+961-4) 419724
E-mail: [email protected]

 

 ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ
ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆԸ

 

Ուրախութեամբ
կ՚ուզենք յայտարարել, որ հրամաւան եւ քաջալերանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ
Աթոռոյս Գահակալ՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ լոյս
տեսաւ 410 էջերու մէջ ամփոփուած մեծածաւալ «ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆԸ» հատորը։

 

Այս աշխատութիւնը Մեծի
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջին փորձն է եղածները հաւաքելու, անոնց տէր
ըլլալու եւ նոր հեղինակներ քաջալերելու, որպէսզի գրուանի տակ պահուած մեր
Եկեղեցւոյ ա՛յս հարստութիւնը լոյս աշխարհի մէջ մնայ։

 

Երգարանը օգտագործելի
է բոլոր տարիքներու համար. անիկա ուղեցոյց է հայ վարժարաններու երգի
ուսուցիչներուն, Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր խմբակցութիւններուն, կիրակնօրեաներուն եւ
ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար։

 

 

 


Communication & Information Department