X
    Categories: 2018

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւնը. «Կոչ Հայաստանի Խորհրդարանի Ընտրութիւններուն Ընդառաջ»

Յարգելի գործընկերներ՝ հայատառ մամուլի խմբագիրներ,
Հրապարակելու խնդրանքով, ներքեւի տողերուն մէջ ու նաեւ կցուած կը գտնէք ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւնը. «Կոչ Հայաստանի Խորհրդարանի Ընտրութիւններուն Ընդառաջ»:
Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով,
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Մամլոյ Մայր Դիւան

Կոչ

Հայաստանի Խորհրդարանի Ընտրութիւններուն Ընդառաջ

 

Օրեր կը բաժնեն մեզի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն: Յառաջիկայ Դեկտեմբեր 9ին տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական դրութեամբ վարչակարգի առաջին ընտրութիւնները մեր հայրենիքին մէջ: Ներկայացուած են Ազգային ժողովի անդամակցութեան թեկնածուները: Մեկնարկած է ընտրարշաւը:

Աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը՝ սփիւռքի մէջ հիմնադրուած ու գործող հայ ազգային երեք կուսակցութիւններէն մին, հակառակ այն իրողութեան, որ սփիւռքահայ կուսակցութիւն մը ըլլալով, գործնական գետնի վրայ չի մասնակցիր Հայաստանի մէջ կայացող ընտրութիւններուն, անմասն չի կրնար մնալ, սակայն, հոն կատարուող մէն մի իրադարձութենէ:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ՝ սոյն յայտարարութեամբ  ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը կ'ուզէ շեշտել հետեւեալները.

1.      Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հայրենիքը միշտ ալ աւելի վեր գնահատած է ամէն վարչակարգէ ու գոյնէ: Ան յստակօրէն տարբերած է իշխանութիւնը պետականութենէն ըլլալով պետականամէտ կուսակցութիւն եւ միշտ հայ ժողովուրդին հետ ու հայ ժողովուրդին համար:

2.      Հայրենիքի ու հայրենաբնակ ժողովուրդին բարօրութիւնը, զարգացումը, կայունութիւնն ու ապահովութիւնը կարմիր գիծեր են, որոնց երաշխաւորումին համար ՌԱԿ իր պատմութեան մէջ ո՛չ մէկ ճիգ խնայած է:

3.      Սփիւռքի միասնականութեան ու հայրենիքի նուիրումին սկզբունքը ՌԱԿ միշտ բարձր գնահատած է ու ջատագովը հանդիսացած է անոր՝ ի գին ամէն զոհողութեան:

4.      Արցախի հիմնահարցի արդար լուծումը՝ հիմնուած ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ, է՛ ու կը մնայ ՌԱԿի ուշադրութեան կիզակեդրոնը:

5.      Հաւատալով մարդկային պատմութեան յառաջընթացին՝ ՌԱԿ կը հաւատայ պետական հաստատութիւններու առողջ գոյութեան: Ան անվերապահ զօրակիցն է հայրենիքի մէջ ժողովրդավարական կարգերու, գործելաոճի եւ մտածելակերպի հաստատումին ու զարգացման, որ կ'ենթադրէ ազատ խօսքի ու կարծիքի անկաշկանդ կիրառում ու փոխադարձ հանդուրժողականութիւն, էթնիք թէ քաղաքական ու գաղափարական կամ շինիչ ընդդիմադիր փոքրամասնութիւններու հանդէպ մեծամասնութեան կողմէ բաձարցակ յարգանք եւ իրաւունքներու երաշխաւորում:

Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ՝  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կոչ կ'ուղղէ հայրենաբնակ իր ազգակիցներուն, ըլլան անոնք ընտրութեան մասնակից քաղաքական կողմեր ու դաշինքներ թէ քուէարկող քաղաքացիներ, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ մօտենալու յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Պէտք չէ մտահան ընել, թէ հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի ապագան մեծապէս կախեալ է յառաջիկայ ընտրութիւններու նման իրադարձութիւններէ, որուն բարեյաջող ընթացքը ու անոր գործընթացին մասնկացութիւնն ու ճիշդ եւ խղճամիտ ընտրութիւնը կենսական են ու մեր ժողովուրդին վայել քաղաքակրթութեան չափանիշ: Մի մոռնաք, որ մեր ժողովուրդի թշնամիներն ու բարեկամները աչալուրջ կը հետեւին մեզ:

Հետեւաբար, սիրելի հայրենակիցներ, մեծ թիւերով մասնակցեցէ՛ք քուէարկութեան: Դուք էք իսկական իշխանութիւնը, փոփոխութիւնն ու արժէքը: Քուէատուփն
է չափանիշը:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը հաւատայ ձեր՝ ճիշդ մարդիկը խորհրդարան
հասցնելու ողջմտութեան, որոնք լաւագոյնս կրնան ներկայացնել ձեզի ու թարգմանը հանդիսանալ ձեր յոյզերուն եւ յոյսերուն: Ձեր ընտրած խորհրդարանը ինքն է, որ պիտի կազմէ յառաջիկայ կառավարութիւնը, որ մեր երկիրը պէտք է առաջնորդէ դէպի աւելի ապահով, անվտանգ, կայուն, խաղաղ,  ու փայլուն ապագայ:

Յաջողութիւն բոլորիս, իսկ մեր հայրենիքին ու անոր պետականութեան՝ յաւերժութիւն:

Ի ԴԻՄԱՑ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան                              Սերխիօ
Նահապետեան

Ատենադպիր                                                  Ատենապետ



Boris Nahapetian: