Communication and Information Department
PO Box : 70 317 Antelias – LEBANON
Tel: (+961-4) 410 001 / 3
Fax: (+961-4) 419724
E-mail: info@armenianorthodoxchurch.org
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2018-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին
եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի յանձնաժողովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Աշխատանքային հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան կատարուած աշխատանքները, ի մասնաւորի ուղղագրութեան առնչուած ուղեցոյցը: Որոշ փոփոխութիւններէ ետք, յիշեալ ուղեցոյցը պիտի ղրկուի յանձնաժողովին Սփիւռքատարած անդամներուն՝ ստանալու համար անոնց տեսակէտը։ Նոյն ուղեցոյցը նաեւ պիտի տեղադրուի Կաթողիկոսարանի կայքէջին վրայ, որպէսզի լեզուագէտներ, ուսուցիչներ, մտաւորականներ եւ արեւմտահայերէնի մասնագէտ ազգայիններ կարենան յանձնաժողովին փոխանցել իրենց տեսակէտները։
Ժողովը նաեւ քննեց սոյն աշխատանքը արհեստագիտութեան ճամբով մեր ժողովուրդի զաւակներուն տրամադրելու կարելիութիւնները:
Ժողովի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ հակառակ մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան այս աշխատանքը պիտի շարունակուի, որովհետեւ արեւմտահայերէնը Սփիւռքին մէջ հայապահպանման կարեւոր կռուաններէն մէկը կը կազմէ:
—