Անթիլիաս – ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Armenian Catholicosate of Cilicia
Communication and Information Department
PO Box : 70 317 Antelias – LEBANON
Tel: (+961-4) 410 001 / 3
Fax: (+961-4) 419724
E-mail: [email protected]

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

 

Շաբաթ, 24 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միջին Արեւելքի Համաշխարհային Քրիսոնեայ Ուսանողներու Միութեան (World Student Christian Federation) Լիբանանի վարչութիւնը, որուն ատենապետն է Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու
Միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամ՝ Կարէն Եոսուլքանեանը։

 

Յայտնենք, որ
վարչութիւնը իր ժողովը գումարեց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, որմէ ետք հանդիպում ունեցաւ
Նորին Սրբութեան հետ։ Սոյն
հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Վեհափառ Հայրապետին
փոխանցելու
միութեան յառաջիկայ ծրագիրները, արծարծելու վերջինիս աշխատելակերպը, լսելու
Հայրապետին խորհուրդները եւ ստանալու անոր օրհնութիւնը։

 

Նորին Սրբութիւնը
գնահատեց երիտասարդական միութեան վարչութեան տարած աշխատանքը եւ այս առիթով շեշտեց
երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը միջ-եկեղեցական ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ
Միջին Արեւելքի Համաշխարհային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութեան տարած աշխատանքը
այս ուղղութեամբ։ Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը հետեւողի ու
դիտողի դերին մէջ պէտք չէ ըլլայ, այլ մասնակցողի, ղեկավարի ու առաջնորդողի
դերակատարութիւն պէտք է ունենայ մեր կեանքին մէջ։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը
ներկաներուն հետ բաժնեց իր փորձառութիւնը միջ-եկեղեցական կեանքին մէջ եւ տուաւ իր ցուցմունքներն
ու օրհնութիւնը իրենց ներկայացուցած ծրագիրներուն եւ բարի երթ մաղթեց անոնց բոլոր
աշխատանքներուն։


Communication & Information Department

Emil Lazarian

“I should like to see any power of the world destroy this race, this small tribe of unimportant people, whose wars have all been fought and lost, whose structures have crumbled, literature is unread, music is unheard, and prayers are no more answered. Go ahead, destroy Armenia . See if you can do it. Send them into the desert without bread or water. Burn their homes and churches. Then see if they will not laugh, sing and pray again. For when two of them meet anywhere in the world, see if they will not create a New Armenia.” - WS