ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆԸ
Հայ գրականագէտ, գրաքննադատ եւ Հայաստանի
Գրողներու Միութեան անդամ Դաւիթ Գասպարեան, հոգեւոր եւ ազզային արժէքները միաձուլելով,
իր աշխատասիրութիւններէն մէկուն մէջ կ'ըսէ. «Հոգեւոր արժէքների միասնութիւնը միասնակա՛ն
հայրենիքի գաղափարական նախապայմանն է», եւ ինչպէս Հայրենիքի, նոյնպէս ալ Հայ-մարդ
անհատի պարագային հոգեւորին եւ ազգայինին միաձուլումն է որ զինք կը մկրտէ Հայու դրոշմով:
Մարդիկ յաճախ կը փորձեն քակտել այդ անմասնատելի
միաձուլումը, շատ անգամ շեշտելով միա՛յն ազգայինը եւ կամ հակառակը՝ հոգեւորը: Եւ այս
պայքարն ու մաքառումը պիտի վերջ չունենան երբեք, որովհետեւ ազգայնամոլներ պիտի ջատագովեն
ազգայինը, իսկ անդին՝ ծայրայեղ կրօնամոլներ, պիտի ամբողջութեամբ տերեւաթափեն ազգայինին
արժէքը, մինչ իսկական իմաստունը պիտի կարենայ անոնց միջեւ գտնել հասարակաց միջինը եւ
հաւասարակշռութիւնը:
Մեր Հայրապետներն ու Հայրերը մի՛շտ ալ
հեռու մնացած են նման ծայրայեղութիւններէ, ու Հայութիւնը դիտած են որպէս մէկ ամբողջութիւն՝
որպէս ազգ եւ եկեղեցի իրարմէ անբաժան եւ զիրար ամբողջացնող: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ
Հայրապետ՝ հաստատելով այս միաձուլման անհրաժեշտութիւնը, իր աշխատասիրութիւններէն մէկուն
մէջ կ'ըսէ. «Եթէ պետութիւնը մեր ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութեան ու նիւթեղէն հացին
հետամուտ պէտք է ըլլայ, մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդին հոգեբարոյական առողջութեան ու
ոգեղէն հացին մատակարարման հետամուտ պէտք է
դառնայ»: Այլ խօսքով, ազգութիւնը՝ որպէս մարմին, հոգեւորութիւնը՝ որպէս հոգի կը
կազմեն կենդանի իսկական Հայ մարդ արարածը:
Այս բոլորը խոկումի նիւթ դարձան մօտս,
երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Հայ Մարդուն Հոգեւոր
Երգարան»ը աշխատութիւնը, ուր, հոգեւոր երգերու շարքին, տեսայ նաեւ հայ բանաստեղծ, հրապարակախօս
եւ մանկավարժ Սմբատ Շահազիզի «Երգ Մեռնող Հայրենասէրի» երաժշտական կտորը, Սիմոն
Ֆէլէկեանի «Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան»ը, Աշուղ Ջիվանիի «Քաջ Վարդանը»,
Վահան Թէքէեանի «Ոգերգ Նահատակաց»ը եւ այլ երգեր, որոնք հայրենասիրական երգեր
կը թուին ըլլալ…: Այո՛, անոնք Հայրենասիրական երգեր են, սակայն միաժամանակ չեն դադրիր
հոգեւոր երգ ըլլալէ, որովհետեւ իսկական հայ մարդուն մօտ մի՛շտ ալ միաձուլուած են այդ
երկուքը: Իսկական Հայ մարդը կրցած է «Տէր Ողորմա՛» երգել պատերազմի դաշտին վրայ,
ինչպէս նաեւ «Գնդակ Որոտաց»ը՝ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:
Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ թշնամի պետութիւններ
երբ կը յարձակէին Հայաստանի վրայ, անոնց թիրախը միայն ազգութիւնը չէր ըլլար, եւ կամ
հակառակը՝ միայն հոգեւորութիւնն ու կրօնքը. զարմանալի չէ՞… թշնամին մեզմէ աւելի կը
գիտակցի Հայ ժողովուրդի ազգութեան եւ հոգեւորութեան միաձուլումին, եւ այդ է պատճառը
որ շատ անգամ հոգեւորութիւնը հարուածել փորձելով, միատեղ փորձած են տկարացնել նաեւ
ազգայինը, որովհետեւ գիտակցած են, որ առանց հոգեւորին գոյութեան պիտի տկարանայ նաեւ
ազգութիւնը, իսկ առանց ազգայինին գոյութեան պիտի օտարանայ նաեւ եկեղեցին:
Երբեք չկարծենք որ Ցեղասպանութեան հիմնական
թիրախը լոկ մեր ազգութիւնը եւ կամ մեր Քրիստոնէութիւնն էր, այլ Հայութիւնը՝ իր հոգեւոր
եւ ազգային համահաւասար արժէքներով:
Հայ ժողովուրդի մօտ կայ նաեւ ուրիշ հասկացողութիւն
մը. եթէ ազգային ես՝ ինքնաբերաբար հեռու ես հոգեւորական կեանքէն, իսկ եթէ հոգեւոր ես՝
երբեւիցէ գործ չունիս ազգայինին եւ կամ քաղաքականին հետ: Փոշիներէն դո՛ւրս հանենք պատմութեան
մոռացութեան ենթարկուած էջերը։ Մեծաւ մասամբ մեծագոյն ազգային գործիչները եղած են թունդ
հոգեւորներ. եւ աւելին՝ հոգեւորականներ իրե՛նք եղած են յառաջադէմ ազգայիններ:
«Հայ Մարդուն Հոգեւոր Երգարան»ին, ինչպէս
նաեւ նոյնինքն հայ հոգեւորականին կեանքին մաս կը կազմեն ազգայինը, յեղափոխականը, ժողովրդականը
եւ այն բոլորը՝ որ կապուած է հայկականին, որովհետեւ Հայ Եկեղեցին կը հաւատայ, որ Աստուծոյ
ժողովուրդին կողքին ինք ծառան է նաեւ Հայ ժողովուրդին՝ անոր հոգեւոր եւ բարոյական ամէ՛ն
տեսակի արժէքներու մատակարարման առաքելութեամբ օժտուած: Անթիլիասի շրջափակին մէջ միայն
հոգեւոր պաշտամունք չէ՛ որ տեղի կ'ունենայ: Հայ Եկեղեցին հայ տպագրութեան ճամբով կը
սատարէ Հայ գիրին ու գրականութեան, հայերէն լեզուի ուսուցումներու ճամբով՝ հայերէն
լեզուի բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան, մանկավարժական ուսուցումներու ճամբով՝ բարոյական
դաստիարակութեան, երգչախումբերու ճամբով՝ Հայ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ ազգային երաժշտութեան
ու դիմագիծի պահպանման ու տարածման: Եւ ա՛յդ է պատճառը, որ մենք մեր Եկեղեցւոյ տուած
ենք ՄԱՅՐ եկեղեցի անուանակոչումը, որովհետեւ իսկական մօր մը կոչումն է իր զաւկին տալ
թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ բարոյական կրթութիւն եւ այդ բոլորին ամբողջացումին մէջ է, որ իր
կատարելութեան կը հասնի ազգ մը: Այդ բոլորին միացումն ու ամբողջացումն է որ կը կազմեն
իսկական Հայ Մարդը:
Երանի՜ այն մարդուն, որ կրնայ իր կեանքին
մէջ քով քովի բերել Հայ Մարդուն ազգային երգարանն ու հոգեւորը, երկուքին միացումով
կազմելու համար աւելի զօրաւոր ու հաստատ անհատականութիւն ու Հայու նկարագիր: Երանի՜
այն մարդուն, որ կրնայ հոգեւորին մէջ տեսնել հայրենասիրականը եւ հայրենասիրականին մէջ՝
հոգեւորը եւ ա՛յդ է պատճառը, որ մեր անցեալի պատմիչներուն մօտ ազգային պատմութիւնը
եւ հոգեւոր պատմութիւնը իրարմէ անջատ չեն գրուած, այլ՝ բոլորը միատեղ արձանագրուելով
ներկայացուցած են ՀԱՅ ԱԶԳԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆը:
Բի՜ւր յարգանք բոլոր անոնց, որոնք ազգայինն
ու հոգեւորը միասնաբար կը փորձեն փոխանցել նոր սերունդներուն, որովհետեւ իրապէս ալ
«Հոգեմտաւոր արժէքներով լիցքաւորուած
եւ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին համար ծառայելու կոչումը ունեցող մարդու պատրաստութիւնը
պէտք է միշտ մնայ առաջնահերթութիւն» (Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս):
Հոգշ. Տ. Հեթում Աբղ. Տաղլեան
—
application/vnd.openxmlformats-officedocument.wordprocessingml.document