Անթիլիաս – ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐՆՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ» ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

Armenian Catholicosate of Cilicia
Communication and Information Department
PO Box : 70 317 Antelias – LEBANON
Tel: (+961-4) 410 001 / 3
Fax: (+961-4) 419724
E-mail: [email protected]

ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐՆՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ»
ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

 

Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ին, երկրորդ տարին ըլլալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» ու Ժիպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանները, մասնակցեցան Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան կազմակերպած «Թանգարաններու Գիշեր» ձեռնարկին։

 

Ինչպէս
Լիբանանի բոլոր թանգարաններն ու պատմական վայրերը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան թանգարանները եւս իրենց դռները լայնօրէն բացին հազարաւոր
այցելուներու դիմաց, որոնք եկած էինք Լիբանանէն եւ օտար երկիրներէ՝ մասնակցելու
այս իւրայատուկ համաշխարհային ձեռնարկին։

 

Նշենք, որ ձեռնարկին իրենց օժանդակութիւնը բերին Հայ Եկեղեցւոյ
Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան անդամներն ու երիտասարդներու կամաւոր խումբ մը,
որոնք օգտակար հանդիսացան ուղեկցելու այցելուներուն  եւ օտարներուն լաւագոյնս ներկայացնելու մեր դարաւոր
պատմական հարստութիւններն ու Ցեղասպանութեան քրոնիկոնը։


Communication & Information Department