Communication and Information Department
PO Box : 70 317 Antelias – LEBANON
Tel: (+961-4) 410 001 / 3
Fax: (+961-4) 419724
E-mail: [email protected]
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ԱԶԳԻՆ
Կ՚ԸՆԾԱՅԷ ԵՐԵՔ ՆՈՐԸՆԾԱՅ ԱԲԵՂԱՆԵՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը հզօրանայ եւ կ՚ամրանայ
շնորհիւ իր փաղանգին, եւ թէեւ եկեղեցին ժողովուրդը ինքն է, բայց եւ այնպէս եկեղեցւոյ
հիմերը խրուած են անոր միաբանութեան աւիւնին մէջ։ Այս կրթական տարեշրջանի աւարտին,
Դպրեվանքը ազգին եւ եկեղեցիին նուիրեց երեք նոր անշահախնդիր ծառայող կուսակրօն քահանաներ,
որոնց ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ ձեռամբ Ամերիկայի
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի եւ
խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեանի։ Ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութեանց
հանդիսապետեց Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։
Արդարեւ, Շաբաթ, 15 Յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Ճորճ Սրկ. Աբրահամեանի, Մուշեղ Սրկ. Գարակէօզեանի եւ Շահէ Սրկ. Եագուպեանի կոչման արարողութիւնը (Չորրորդ սարկաւագը՝ Ճորճ Պրիխանեանը, չկարողացաւ մաս կազմել ընծայեալներու
շարքին՝ Սուրիոյ մէջ զինուորական փաստաթուղթերու գործողութեան որոշ դժուարութիւններու
հետեւանքով եւ հետեւաբար անոր ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային)։
Սարկաւագները ծնկաչոք մօտեցան Ս. Խորան, նզովեցին բոլոր հերետիկոսներն ու հերձուածողները եւ յօժարակամ ընդունեցին հետեւիլ եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետին, ձեռնադրիչ Սրբազանին, միաբան հայրերուն
եւ հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայութեան արտասանեցին
Ուղղափառ Դաւանանքը եւ ընթերցեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին զինուորագրութեան եւ հաւատարմութեան իրենց ուխտագրերը։
Կիրակի, 16 Յունիս 2019-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ պատարագի ընթացքին
տեղի ունեցաւ ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնը։ Խարտաւիլակ Հայր Սուրբին առաջնորդութեամբ,
ընծայեալները ծնկաչոք բարձրացան Ս. Խորան, ուր «Աստուծային եւ երկնաւոր շնորհ» շարականի
երգեցողութեամբ անգամ մը եւս հրաւիրուեցան հրաժարելու աշխարհայինէն։ Ապա, «Կենդանարար
Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ, խարտաւիլակ հայր սուրբը Միւռոնաթափ Աղաւնին յանձնեց
ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր, որ օծելով ընծայեալներուն ճակատն ու ձեռքերը, Բարշ. Ճորճ Սրկ.ը
վերանուանեց Տ. Սարգիս քահանայ, Բարշ. Մուշեղ Սրկ.ը՝ Տ. Գէորգ քահանայ, իսկ Բարշ. Շահէ
Սրկ.ը՝ Տ. Յակոբ քահանայ։ Օծումէն ետք նորաօծ քահանաները ժողովուրդին բաշխեցին իրենց
անդրանիկ օրհնութիւնը։
Ապա, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Ան ըսաւ,
որ ութ տարիներու Դպրեվանքի հոգեմտաւոր կրթութենէն ետք, հունձքի պահուն, Մայր եկեղեցւոյ
խորհուրդով երեք սարկաւագներ կը ծնին որպէս նոր մարդիկ՝ ծառայելու եկեղեցւոյ, ազգին
ու Աստուծոյ։ Օրը զուգադիպելով Ս. Եղիա մարգարէի յիշատակութեան տօնին, Սրբազանը վկայակոչեց
մարգարէին կեանքը եւ խօսքը ուղղելով նորաօծ ընծայեալներուն՝ յայտնեց, որ անոնք այժմ
ըլլալով Աստուծոյ մարդը, կ՚անդրանցնին աշխարհագրական վայրերը եւ կը դառնան բոլորին
մարդը։ Սրբազանը խրախուսեց զանոնք հետեւելու Յիսուս Քրիստոսի օրինակին, ըլլալով խոնարհ
եւ հեզ՝ պատրաստ սորվելու կեանքի դպրոցէն։ Ան նշեց, որ երիտասարդ քահանաները քայլ առ
քայլ պիտի սորվին յառաջդիմել նախ ծառայելով Մայրավանքին մէջ՝ Վեհափառ Հայրապետին կողմէն
նշանակուած պաշտօններու ընդմէջէն, եւ ապա թեմերուն մէջ։ Լայնօրէն անդրադառնալով յարատեւ
ուսանելու կարեւորութեան, ան ընդգծեց, որ գիտութիւնն ու հաւատքը իրար չեն հակասեր՝
այլ կ՚ամբողջացնեն, մանաւանադ երբ ի գործ կը դրուին բարիին համար։ Սրբազանը իր քարոզը
աւարտեց աղօթելով առ բարձրեալն Աստուած եւ մաղթելով, որ նորընծաները Ս. Սարգիսի նման
հզօր, Ս. Գէորգի նման չարին յաղթող եւ Ս. Յակոբի նման դէպի վեր բարձրացողներ ըլլան։
Քարոզէն անմիջապէս ետք, «Ողջոյն»-ի պահուն, Վեհափառ Հայրապետը
եւ միաբան հայրերը բարձրացան Ս. Խորան եւ համբուրելով նորընծաներուն ճակատներն ու ձեռքերը
շնորհաւորեցին զանոնք։ Ձեռնադրեալներուն կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Տէր եւ Տիկ. Խաչիկ
եւ Սեւան Գալայճեան ամոլը։ «Ողջոյն»էն ետք կնքահայրը կատարեց անոնց ճակատներուն եւ
ձեռքերուն լուացումը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Վեղարի Օրհնութիւնը, որ կը խորհրդանշէ
կատարեալ հնազանդութեան, կամաւոր աղքատութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտը։
Պատարագի աւարտին, նորընծայ միաբան հայրերը, ձեռնադրիչ Սրբազանին
առաջնորդութեամբ եւ խարտաւիլակ Հայր Սուրբին ու իրենց ծնողներուն հետ, բարձրացան Նորին
Սրբութեան մօտ, ուր ստացան Հայրապետին օրհնութիւնը։
Ապա, աւանդութեան համաձայն, եկեղեցւոյ դասուն մէջ, հաւատացեալները
աջահամբոյրով ստացան նորընծայ միաբան հայրերուն անդրանիկ օրհնութիւնը։