Անթիլիաս – Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՐՑԱԽԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐ

Armenian Catholicosate of Cilicia
Communication and Information Department
PO Box : 70 317 Antelias – LEBANON
Tel: (+961-4) 410 001 / 3
Fax: (+961-4) 419724
E-mail: [email protected]

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՐՑԱԽԷՆ
ԺԱՄԱՆԱԾ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐ

 

Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին
Արցախէն ժամանած խումբ մը գեղանկարիչներ: Անոնք Նորին Սրբութեան պարզեցին իրենց կատարած
աշխատանքները Արցախի մէջ:

 

Հայրապետը ողջունելով անոնց այցելութիւնը՝ գնահատեց մշակութային
բնագաւառէն ներս իրենց կատարած աշխատանքը։ Ապա, կարեւորութեամբ շեշտեց ընդհանրապէս
մեր ժողովուրդի ու յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հայ մշակոյթին յատուկ կարեւորութիւն
տալու անհրաժեշտութիւնը։ Ան ըսաւ, որ մշակոյթը հայ ժողովուրդին համար տարբեր իմաստ
ու դերակատարութիւն ունի: Մեր հոգեմտաւոր արժէքները նոյնացած են մեր եկեղեցւոյ կեանքին
ու առաքելութեան հետ, մեր ինքնութեան հետ՝ դառնալով մեր գոյութեան ու ամրութեան կարեւոր
սիւները: Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց, որ բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ հարկ
է մօտենալ մեր մշակութային արժէքներուն, միաժամանակ շեշտելով, որ մեր պետութիւնը, եկեղեցին
եւ կառոյցները յատուկ հոգածութիւն պէտք է ցուցաբերեն մեր մշակոյթին առաւել ծաղկման:


Communication & Information Department