PRESS RELEASE Armenian Communities Department of the Calouste Gulbenkian Foundation Avenida de Berna 45-A, 1067-001 Lisboa, Portugal Contact: Vera Ribeiro da Cunha Telf: (+351) 21 782 3658 Web: gulbenkian.pt Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն. 49 Սփիւռքահայ ուսուցիչներ արժանացան Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը Սփիւռքի ուսուցիչներուն ուղղուած մրցանակ մը յայտարարեց Ապրիլ 2020-ին: «Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակ»-ին նպատակն էր քաջալերել Պսակաձեւ ժահրին պարտադրած ինքնամեկուսացումին պատճառաւ առցանց հարթակներ տեղափոխուած կրթական ընթացքին մէջ հայերէնով իրենց ներդրումը ունեցող ուսուցիչներուն անհատական աշխատանքները: Ուսուցիչները պէտք է դիմէին ներկայացնելով իրենց պատրաստած նիւթերը, իրենց աշակերտներուն հետ ունեցած հաղորդակցութեան օրինակները, եւ իրենց օգտագործած առցանց հարթակին վրայ իրականացուած ուսուցողական տուեալ աշխատանքին ընթացքն ու նպատակակէտերը բացատրող գրութիւն մը: Մրցանակը դիմումներ ընդունեց վեց շաբթուան ընթացքին: Դիմումներուն արժեւորումի աշխատանքները կատարուեցան երկշաբաթեայ դրութեամբ, եօթը հոգիէ բաղկացած յանձնախումբի մը կողմէ, եւ նկատի ունենալով հետեւեալ չափանիշերը.- o Առցանց համակարգերու գործածութեան մէջ առաջարկուած նորարար մօտեցումները: o Մանկավարժական մեթոդաբանութեան կիրարկելիութիւնը եւ ճկունութիւնը։ o Աշակերտներուն մասնակցութիւնը եւ անոնց համար «հաճելի»-ի ազդակը։ o Գործադրութեան եւ հայերէնի գործածութեան որակը: o Ուրիշներուն կողմէ ծրագիրին գործածելիութեան հեռանկարը։ Այս վեց շաբաթներուն ընթացքին, Հիմնարկութիւնը 13 երկիրներէ 106 դիմումներ ստացաւ՝ ամենօրեայ եւ շաբաթօրեայ հայկական դպրոցներու մէջ աշխատող ուսուցիչներէ: Դիմողներուն մեծամասնութիւնը հայոց լեզուի դասատուներ էին, բայց մրցանակը սահմանափակուած չէր իրենցմով: Պատմութեան, կրօնի, թուաբանութեան, գիտութեան, արուեստի եւ նոյնիսկ մարզանքի ուսուցիչներ դիմեցին իրենց տարբեր բնոյթի աշխատանքներով՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրը բացայայտելով իր եւ իր աշակերտներուն ունեցած փորձառութիւնը հեռավար ուսումնառութեան աշխարհին մէջ: Դիմողներուն միջին տարիքը 44-ն էր: Հիմնուելով դիմողներու մեծ թիւին վրայ եւ հնարաւորին չափ շատ ուսուցիչներ քաջալերելու նպատակով, նախապէս յայտարարուած 30 մրցանակին փոխարէն Հիմնարկութիւնը տրամադրեց 500 ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ 49 նպաստ, քաջալերելով դիմողներուն 46 տոկոսը: «Մեր սրտագին շնորհաւորանքները կը փոխանցենք բոլոր մրցանակակիրներուն: Դժբախտաբար, չէինք կրնար մրցանակ տրամադրել բոլոր մասնակիցներուն: Այնուամենայնիւ կը գնահատենք բոլորին ջանքերը եւ ընդհանրապէս հայերէնի դասաւանդումին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիմաց անոնց կատարած մեծ աշխատանքը՝ մանաւանդ համաճարակի այս օրերուն», նշեց Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը: Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ «Հայերէնով դասաւանդողներու առցանց ուսուցումի մրցանակ»-ին մրցանակակիրներուն անուանացանկին ծանօթանալու համար այցելել gulbenkian.pt/armenian-communities/ --- Prizes for Teaching in Armenian Online: 49 Awards are Granted by the Calouste Gulbenkian Foundation The Armenian Communities Department of the Calouste Gulbenkian Foundation launched “Prizes for Teaching in Armenian Online” in April 2020. The aim of this initiative was to encourage diasporan teachers who use Armenian as a medium of instruction in their efforts during the sudden shift to online teaching platforms caused by the forced lockdown due to the Covid-19 virus. Teachers were asked to send samples of their materials, examples of their interactions with their students, and an explanation of how their lessons were implemented on the online platforms they were using. The programme was open for six weeks, and entries were evaluated biweekly by a committee of seven people within the Foundation. The following criteria were used in the selection process: o Innovative use of online mechanisms and originality of idea. o Adaptation of teaching methodology and teaching approaches. o Student involvement/interactivity (the “fun factor”). o Quality of execution and use of the Armenian language. o Potential of use by others. 106 applications were received from 13 countries, from teachers who worked in daily and weekly Armenian schools. The majority of the applicants were language teachers, but the prize was not restricted to them. Teachers of history, religion, math, science, art, and even physical education also participated. The average age of applicants was 44. In order to be as supportive as possible, and in recognition of the excellent work many of the teachers are doing, the Foundation increased the number of prizes granted from 30 to 49. As such, 46 % of applicants were successful, each receiving a USD 500 financial award. “We congratulate all the winners! Regrettably, we could not support all the applicants,” said Razmik Panossian, the Director of the Armenian Communities Department, “we do, however, want to acknowledge and applaud the efforts of all the participants, as well as the ongoing efforts of Armenian teachers around the world during these difficult days of the coronavirus pandemic.” For further information and to consult the list of the 49 awardees of the “Prizes for Teaching in Armenian Online” please visit: gulbenkian.pt/armenian-communities/