X
    Categories: 2021

Calouste Gulbenkian Foundation Supports Armenian Teacher Development Programme in Lebanon


PRESS RELEASE
Armenian Communities Department of the Calouste Gulbenkian Foundation Avenida de 
Berna 45-A, 1067-001 Lisboa, Portugal
Contact: Vera Cunha
Telf: (+351) 21 782 3658
Web: gulbenkian.pt

--
ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՑՈՒԿ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ 
ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը Լիբանանի մէջ ուսուցչական 
վերաորակաւորման նոր ծրագիր մը նախաձեռնած է։ Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանին 
(LAU) հետ գործակցաբար, Հիմնարկութիւնը նեցուկ կը կանգնի հայկական դպրոցներուն մէջ 
հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու յատկացուած վերաորակաւորման ծրագրին։ 
2019-ին Հիմնարկութիւնը Լիբանանի համար նախատեսուած համընդհանուր ռազմավարութիւն մը 
մշակած էր, կիզակէտ ունենալով՝ դպրոցները, դաստիարակչական զարգացումը եւ հայերէնի 
ամրապնդումը։ Այդ ռազմավարութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է ուսուցիչներու 
ուղղուած յատուկ ծրագրի մը անհրաժեշտութիւնը, քաջալերելու համար նորարար 
մանկավարժական մօտեցումներն ու քննադատական մտածողութիւնը։
Յայտագիրը պատրաստուած է Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի կրթական բաժանմունքին 
կողմէ եւ պիտի ընդգրկէ երկու տարուան վրայ երկարող դասընթացք մը, տեսական եւ 
գործնական բաղադրիչներով։ Դասաւանդուելիք նիւթերէն կարելի է նշել հետեւեալները՝ 
դասաւանդման եղանակներ, մանկավարժական տեսաբանութիւն, մանկական հոգեբանութիւն, 
յատուկ կրթութիւն եւ ուսումնառութեան ընթացքի գնահատում։ Ծրագիրը նաեւ կը բովանդակէ 
ծաւալուն կիրառական բաժին մը, որ պիտի քաջալերէ ուսուցիչները, որպէսզի իրենց 
նորայայտ գիտութիւնը կիրարկեն դասարաններէն ներս։
«Ուսուցիչներուն կատարած հերոսական աշխատանքը չի բաւեր գովաբանել», կ՚ըսէ Ռազմիկ 
Փանոսեան, Հայկական բաժանմունքի տնօրէնը։ «Պէտք է իրենց անհրաժեշտ հմտութիւն եւ 
մանկավարժական գիտելիքներ հայթայթել, որպէսզի իրենց կարգին ներգրաւեն աշակերտները՝ 
քայլ պահելով 21-րդ դարու մանկավարժական պարտադրանքներուն հետ»։ Ու կ՚աւելցնէ. 
«Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի ծրագիրը վճռական քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ։ 
Գալիք սերունդներուն հայերէն դասաւանդելու իրենց կարողութիւնը զարգացնելով, 
ուսուցիչները պիտի քաջալերեն աշակերտները, որպէսզի արեւմտահայերէնով մտածեն, 
հաղորդակցին, յայտնաբերեն իրենց տաղանդը ու ստեղծագործեն»։
Վերաորակաւորման ծրագիրը պիտի սկսի 2021-ի աշնան։ Պիտի ըլլայ անվճար, բայց 
նախատեսուած մասնակիցներու թիւը սահմանափակ է։ Հետաքրքրուող ուսուցիչները պէտք է 
դիմեն ուղղակի Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանին։ Ընթացքը յաջողութեամբ աւարտողները 
համալսարանէն պիտի ստանան համապատասխան վկայական մը։
Դասընթացքի աւարտին, ուսուցիչներուն ուղղուած գրքոյկ մը պիտի հրատարակուի, հայերէն 
եւ անգլերէն լեզուներով։
Ուսուցիչներու վերաորակաւորման այս ծրագիրը Լիբանանի մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեան 
Հիմնարկութեան ներդրումին գլխաւոր բաղադրիչներէն մէկն է, այլ նախաձեռնութիւններու 
կողքին։ Հիմնարկութիւնը նաեւ տրամադրած է նիւթական նպաստ եւ համակարգչային 
գործիքներ՝ ուղղակի դպրոցներուն, հայերէնով նորարար մշակոյթ քաջալերող մրցանակներ, 
մարդասիրական օժանդակութիւն, յատուկ կրթութեան ուղղուած օգնութիւն, համալսարանական 
կրթաթոշակներ, մանկավարժական կամ լեզուական զանազան նախաձեռնութիւններու 
յատկացումներ։

Այս ծրագիրին եւ այլ նախաձեռնութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար 
այցելել այս կայքէջը 
https://urldefense.com/v3/__https://gulbenkian.pt/armenian-communities__;!!LIr3w8kk_Xxm!4imITM08Ja8hRMn0OWdBgj9C6F7wq5M2EZpzgOjATOoJWDx2dNP1z6FLXhzSZw$
  եւ անդամագրուիլ մեր լրատուին։

--
 Calouste Gulbenkian Foundation Supports Armenian Teacher Development Programme 
in Lebanon

The Armenian Communities Department of the Calouste Gulbenkian Foundation has 
initiated a new teacher development programme in Lebanon. Partnering with the 
Department of Education at the Lebanese American University (LAU), the 
Foundation is supporting the custom-made In-Service Teacher Development 
Programme for teachers in Armenian schools who instruct in the Armenian 
language. 

The Foundation developed in 2019 a comprehensive strategy specifically for 
Lebanon, focussing on schools, educational programmes and the Armenian language. 
One of the important elements of the strategy is the need for a targeted 
programme for teachers to encourage innovative educational approaches and 
promote critical thinking.

Designed and to be delivered by LAU’s Department of Education, this innovative 
programme is a two-year course that will incorporate theoretical and practical 
components. Topics will include curriculum and instructional design, educational 
theories, child psychology, special education and assessment of student 
learning. A strong practical segment will encourage teachers to apply the 
knowledge and skills developed during the coursework within the contexts of 
their classrooms. 

“We must go beyond praising the heroic work of teachers; we must provide them 
with the necessary tools, the pedagogical knowledge and the skills needed to 
engage with students in the 21st century,” said Razmik Panossian, the Director 
of the Armenian Communities Department. He added, “The LAU programme is a 
crucial step in this direction. By developing further expertise in the 
transmission of the Armenian language to future generations, teachers will 
enable students to think, communicate, discover and create in Western Armenian.”

The development programme will start in the fall semester of 2021. It will be 
free of charge, but with a limited number of places. Interested teachers must 
submit an application directly to the LAU. Participants will receive a 
certificate from LAU after successfully completing the programme. At the 
conclusion of the project, a teaching manual will also be published, in Armenian 
and in English.

The In-Service Teacher Development Programme at the LAU is a major component of 
Calouste Gulbenkian Foundation’s engagement with the Armenian community in 
Lebanon. Other initiatives include direct school support and the provision of IT 
equipment, grants for creative culture in Armenian, humanitarian aid, support to 
special education, university scholarships and funding for various other 
education or language related initiatives.

For more information about this programme and other initiatives visit the 
website 

  and subscribe to the newsletter.

Janet Ekmekjian: